Արժանթինեան Աթլեթիքօ Հուրաքանի յառաջապահ Նորպերթօ Պրիասքօ, որ նախանցեալ օր Երեւան հասաւ, երէկ կատարեց իր առաջին փորձերը` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին տարազով:
22 տարեկան յառաջապահը, որ 2016-ի ամրան միացաւ Հուրաքանի, կը նկատուի բացառիկ յատկութիւններու տէր ֆութպոլիստ եւ բաւական վտանգաւոր յառաջապահ: