Երէկ` երեքշաբթի, Լիմասոլէն Պէյրութ վերադարձաւ Ֆինիքիա Սուր ակումբին պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Լիմասոլի միջազգային մարաթոնին, 5 եւ 10 քիլոմեթրի մրցումներուն:
Վերոնշեալ ակումբին մարզիկները, հոն արձանագրելով տպաւորիչ արդիւնքներ, տիրացան 2 երկրորդութեան եւ մէկ երրորդութեան, ինչ որ կը նկատուի քաջալերելի արդիւնք մը:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ֆինիքիա Սուր ակումբի նախագահ Սալահ Ֆարրան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախկին ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պաժժանի եւ ուրիշներ:
Նշենք նաեւ, որ «Լեթց Ռան» ակումբին մաս կազմող Նատեր Ժապեր 10 քիլոմեթրի մրցումին մէջ հանդիսացաւ առաջին: