Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ ներկայիս կը գտնուի Հայաստան, կատարած է օրինակելի քայլ մը:
Մխիթարեան, որ երէկ այցելած է Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարան, հանդիպած է ուսանողներուն եւ բժշկական անձնակազմին հետ:
Այցելութեան նպատակը եղած է վիրաւոր եւ հաշմանդամ զինուորներուն հետ հանդիպիլ:
Արսենալի միջնապահը 2017-ին Հայաստանի տասը լաւագոյն մարզիկներու ցանկին մէջ ընդգրկուելուն համար ստացած իր ինքնաշարժը նուիրած է վիրաւոր եւ հաշմանդամ զինուորական ծառայողներու վերականգնողական կեդրոնին:




