Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ փորթուգալեան Մարիթիմոյի ֆութպոլիստ Գէորգ Ղազարեան, որ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով ապաքինման ժամանակաշրջան մը կ՛անցընէր եւ մէկ տարիէ ի վեր հեռու էր հաւաքականէն, կը վերադառնայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբ:
Ան նախորդ շաբաթավերջին հասաւ Երեւան` մասնակցելու համար Էսթոնիոյ եւ Լիթուանիոյ դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն, հաւաքականին միանալու հրաւէր ստանալէ ետք:
Հայ ֆութպոլիստը վնասուածք ստացաւ մարտ 2017-ին, երբ Հայաստանի կազմին հետ 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ կը մասնակցէր Ղազախստանի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին: Ան ութ ամիսէ ի վեր հեռու մնաց ֆութպոլի դաշտերէն: