Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականի առաջին ճակատումին, այսօր` չորեքշաբթի, 21 մարտին, իրարու դէմ յանդիման կու գան ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ռիատի Պէյրութ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
Յաղթանակ արձանագրելը եւ տիտղոսը ՀՄԸՄ-ին մօտ պահելը կը նկատուի շատ կարեւոր եւ էական մարտահրաւէր:
Ասկէ մեկնելով, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն եւ համակիրներէն կ՛ակնկալուի, որ այսօր միասնաբար կերտեն առաջին յաղթանակը, որուն բնականաբար պիտի յաջորդեն երկրորդը եւ երրորդը` առանց սպասելու մնացեալներուն:
Այսօր բոլորիս ժամադրավայրը պիտի ըլլայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերելու մեր աղջիկները, միշտ մնալով օրինակելի համակիրներ: