Հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ 28 ապրիլին պիտի մենամարտի դանիացի Փաթրիք Ռէյնհարտ Նիլսընի դէմ:
Այս մենամարտը տեղի պիտի ունենայ Գերմանիոյ Օֆենպուրկ քաղաքի «Պատեն» մարզահամալիրին մէջ, յայտնեց կռփամարտիկի մամլոյ ներկայացուցիչ Սիրան Գրիգորեան:
Այս մենամարտին յաղթականը պիտի դառնայ վարկանշային դասաւորման մէջ առաջին: Նշուեցաւ, որ Աբրահամ յաղթականօրէն տրամադրուած է այս մենամարտին համար:



