Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի մարզիչ Նիքօ Քովաչ այս տարեշրջանին աւարտին պիտի գլխաւորէ Պայէրն Միւնիխը, որուն պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց այս լուրը:
Խրուաթ մասնագէտը պիտի կնքէ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը եւ իր աշխատանքին պիտի սկսի 1 յունիսին:
Անոր տեղափոխութեան համար, միւնիխեան կազմը Ֆրանքֆորթի պիտի վճարէ 2,2 միլիոն եւրօ:
46 տարեկան Նիքօ Քովաչ, որ 2016-էն ի վեր Ֆրանքֆորթի մարզիչն է, իրեն հետ Պայէրն պիտի բերէ նաեւ իր եղբայրը` Ռոպերթը, որ պիտի ըլլայ իր օգնականը:
Նախքան այս նշանակումը, Պայէրնի պատասխանատուներէն Քարլհայնց Ռումընիկէ յայտնեց, որ այս տարեշրջանին աւարտէն անմիջապէս ետք Եուփ Հայնքես պիտի հեռանայ կազմէն: