Շաբաթ, 14 ապրիլին, Երեւանի նախկին Միքա մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. Լիկայի աւարտականի առաջին մրցումը` Արթիկի եւ Արցախի միջեւ:
Այս առաջին մրցումը աւարտեցաւ Արցախի յաղթանակով` 100-74 արդիւնքով:
Մրցումին գլխաւոր իրաւարարն էր Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան:
Մրցումին ազդանշանին տրուելէն առաջ, նախարարը լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով ըսաւ, թէ երկու կազմերն ալ արժանի են ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալու:
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 17 ապրիլին:
Եթէ Արցախ դարձեալ յաղթանակ մը արձանագրէ, պիտի հռչակուի Հայաստանի ախոյեան` նկատի ունենալով, որ աւարտականի մրցումները թիւով երեք են: