Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» նշեց, որ 6-8 յուլիսին երեք օրուան երկարութեամբ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 41-րդ միջազգային ռելին:
Ասիկա կը նկատուի Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան կարեւորներէն մէկը:
Արձանագրութիւնները կը սկսին 7 մայիսին եւ կ՛աւարտին չորեքշաբթի, 20 յունիսին, ժամը 17:00-ին:
Կազմակերպիչ յանձնախումբը այս ռելիին գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ տարբեր առիթներով: