«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ կիրակի, 22 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 34-րդ գարնանային ռելին Քեսրուանի եւ Ժիպէյլի շրջանին մէջ:
Այս ռելին պիտի ըլլայ Լիբանանի 2018 տարուան ռելիներու ախոյեանութեան առաջին հանգրուանը:
Անոր ընդհանուր երկարութիւնն է 328,49 քմ:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երկուշաբթի, 16 ապրիլ, ժամը 16:30-ին:
Երեքշաբթի, 17 ապրիլին, ժամը 11:00-ին պիտի յայտարարուին անոր մասնակցող վարորդներուն անունները: