«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումները սկսան երէկ, երբ կատարուեցան չորս ճակատումներ:

Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրընկալեց Սան Անթոնիօ Սփըրզը, 113-92 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քլէյ Թոմսըն նշանակեց 27 կէտ:
Իր հիւրին` Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի հաշուոյն յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Թորոնթօ Ռեփթըրզ` 114-106 արդիւնքով:
Իսկ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ իր կարգին յաղթական եղաւ իր դաշտին վրայ, Մայեմի Հիթի դէմ, 130-103 արդիւնքով:
Երէկուան մրցումներուն օտար դաշտի վրայ յաղթանակ արձանագրող միակ խումբը եղաւ Նիւ Օրլինզ, որ երկու կէտի տարբերութեամբ` 97-95 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 35 կէտ: