Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ, Ռիատի 102-79 արդիւնքով յաղթելէ ետք Անթունիէին, ապահովեց ֆայնըլ-ֆորին իր տոմսը, բնականաբար յառաջանալէ ետք 3-0 արդիւնքով:

PROFOTO
Այլ մրցումի մը ընթացքին, 2-0 արդիւնքով ուշացած Մութթահետ, երէկ Շիահի դաշտին վրայ արձանագրեց 82-76 արդիւնքով յաղթանակ մը` Պէյրութի դէմ: Պէյրութէն Պասել Պաուժի նշանակեց 27 կէտ:
Այսօր ժամը 17:00-ին անոնց միջեւ տեղի պիտի ունենայ չորրորդ մրցումը: Եթէ Մութթահետ այլ յաղթանակ մը արձանագրէ, վաղը` կիրակի, տեղի պիտի ունենայ հինգերորդ մրցումը:
Ինչ կը վերաբերի Շանվիլ – Սաժեսին անիկա տեղի պիտի ունենայ այսօր, ժամը 16:30-ին, Տիք Մըհտիի մէջ:
Եթէ Շանվիլ յաղթէ, վաղը տեղի կ՛ունենայ հինգերորդ եւ վերջին մրցումը: