Պարսելոնայի միջնապահ Անտրես Ինիեսթա որոշեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Չինաստանի մէջ: Այս մասին յայտնեց «Քաթալունիա Ռատիօ»-ն:
Նշուեցաւ, որ 33 տարեկան ֆութպոլիստը Թրայցզին Եուանկզիան խումբին հետ պիտի ստորագրէ երեք տարուան համաձայնագիր մը, փոխան` 37 միլիոն եւրոյի: Շատ հաւանական է, որ ան ատիկա մէկ տարիով երկարաձգէ: