Ամմանի մէջ (Յորդանան) տեղի ունեցող «ՈՒԱՊԱ» պասքեթպոլի աղջկանց 2018-ի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Անթիլիաս, յաղթանակ մը արձանագրելով, ապահովեց կիսաւարտականին իր տոմսը եւ այսօր` ուրբաթ, ժամը 19:00-ին, կը մրցի Ֆիւհէյսի (Յորդանան) դէմ:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները երէկ իրենց յաղթանակը արձանագրեցին իրանեան Նաֆթ Ապատանի դէմ` 68-48 արդիւնքով (24-13, 19-9, 13-13 եւ 12-13):
Մրցակից կազմը, թէեւ թրի փոյնթերով աւելիով տիրապետեց (7-ը փոխան` 2-ի), բայց այդ մէկը ոչ մէկ պատճառ դարձաւ, որ ՀՄԸՄ պարտուի իր մրցակիցէն:
Իրանեան կազմը աւելի տկար եղաւ ռիպաունտներով եւ թըրն-օվըրներով:
ՀՄԸՄ թէեւ 20 կէտի տարբերութեամբ արձանագրեց իր յաղթանակը, բայց մրցումին տեւողութեան ունեցաւ 25 կէտի առաւելութիւն մը (41-16):
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը (19) նշանակեց Ելենա Լիւշենքա, ապա` Նաթալի Սվաճեան (11), Ռեպեքա Աքըլ (8), Մեղրի Թորոսեան (4) եւ Մակի Զաքարեան (2):
Հոս նշենք, որ երէկուան այս մրցումին խումբին միացաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Փաթրիք Սապա, որ առաջին մրցումէն բացակայեցաւ Պէյրութի տղոց կազմին հետ մրցում ունենալուն պատճառով: