Լիվըրփուլի մաս կազմող եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ ընտրուեցաւ Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի մարտ ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Լուրը փոխանցեց Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Ան այս տարեշրջանին երրորդ անգամն ըլլալով (նախապէս` նոյեմբերին եւ փետրուարին), կը տիրանայ այս տիտղոսին, ինչ որ կարելի է սեպել մրցանիշ մը:
Ան այժմ իր նշանակած 29 կոլերուն շնորհիւ կը գլխաւորէ ռմբարկուներուն պարագլուխի դիրքը:



