Շաբաթ, 14 ապրիլին, Ամմանի մէջ (Յորդանան) վերջ գտաւ ՈՒԱՊԱ պասքեթպոլի աղջկանց 2018-ի բաժակի մրցաշարքը` աւարտականի մրցումով:
Աւարտական այս մրցումը, որ եղաւ զուտ լիբանանեան, իրարու դէմ հանեց ՀՄԸՄ Անթիլիասը եւ Ռիատի Պէյրութը:
Ռիատի Պէյրութը տիտղոսը պահեց իր մօտ` արձանագրելով 67-64 արդիւնքով յաղթանակ մը (20-12, 23-10, 11-16, 13-26):
Ինչպէս նկատելի է, Ա. կիսախաղին Ռիատի կրցաւ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել եւ մրցումին տեւողութեան նոյնիսկ ունենալ 22 կէտի առաւելութիւն մը (48-26): ՀՄԸՄ ոչ մէկ ձեւով կրցաւ կէտերու տարբերութեամբ գերազանցել իր մրցակիցը:
Ասկէ բացի, բախտը որոշ չափով մըն ալ ժպտեցաւ Ռիատիի մարզիկներէն Միրամար Մըքտատի, որ նշանակեց 7 թրի փոյնթ (իր կազմին 8-էն 7-ը), մինչ ՀՄԸՄ նշանակեց միայն 2 թրի փոյնթ:
Սակայն ՀՄԸՄ ռիպաունտներով ինք եղաւ գերազանցողը. 45` փոխան 27-ի:
ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ելենա Լիւշանքա (27 կէտ, 18 ռիպաունտ), մինչ Մեղրի Թորոսեան նշանակեց 13 կէտ, իսկ Նաթալի Սվաճեան 9 կէտ: 8 կէտ նշանակեց Ռեպեքա Աքըլ: