Եւրոպայի Լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքին կիսաւարտականի չորս խումբերուն անունները երէկ յստակացան, երբ կատարուեցան քառորդ աւարտականի դարձի մրցումները:
Քառորդ աւարտականի այս հանգրուանը շրջանցեցին Արսենալ, Աթլեթիքօ Մատրիտ, Սալզպուրկ եւ Մարսէյ:
Հակառակ անոր որ Լացիօ Ռոմա երթին 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկ պարտուեցաւ Սալզպուրկէն եւ դուրս մնաց:
Սփորթինկ Լիզպոն թէեւ յաղթեց Աթլեթիքօ Մատրիտի, սակայն դուրս մնաց, որովհետեւ երթին պարտուած էր (2-0):
Արսենալ, որ երթին 4-1 արդիւնքով յաղթած էր Մոսկուայի բանակայիններուն, երէկ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Վերջապէս, Մարսէյ, որ երթին պարտուած էր Սալզպուրկէն (1-0), երէկ յաղթեց 5-2 արդիւնքով: