Երէկ` ուրբաթ, Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ եւրոպական ֆութպոլի երկու կարեւորագոյն մրցաշարքերուն` «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի լիկա»-ի կիսաւարտականի ճակատումներուն վիճակաձգութիւնը:
Առաջինին պարագային գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտ, իրեն դէմ պիտի ունենայ Պայէրն Միւնիխը:
Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Լիվըրփուլը եւ Ա. Էս. Ռոման:
Նշենք, որ երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան Պայէրն Միւնիխի եւ Լիվըրփուլի դաշտերուն վրայ (24 եւ 25 ապրիլ), իսկ դարձի մրցումները` 1-2 մայիսին: Աւարտականը պիտի կատարուի 26 մայիսին` Քիեւի մէջ:
Ինչ կը վերաբերի Եւրոպայի լիկային, այլ զօրաւոր ճակատում մը պիտի ըլլայ Արսենալ – Աթլեթիքօ Մատրիտ մրցումը:
Երկրորդ մրցումին իրարու դէմ պիտի մրցին Սալզպուրկ եւ Մարսէյ:
Երթի մրցումները (26 ապրիլ) տեղի պիտի ունենան Արսենալի եւ Մարսէյի մէջ, իսկ դարձի մրցումները պիտի կատարուին 3 մայիսին:
Աւարտականի մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 16 մայիսին, Լիոնի մէջ:



