Եւրոպայի լիկայի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի ճակատումները տեղի կ՛ունենան այսօր: Այդ մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան աւարտականին հասնող երկու կազմերը:
Արսենալ հիւրը պիտի ըլլայ Աթլեթիքօ Մատրիտի, մինչ Մարսէյ` Սալզպուրկի:
Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:05-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Անգլիական մամուլը երէկ հաղորդեց, որ Արսենալի կատարած փորձերուն ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:
Սակայն անոր մասնակցութիւնը այսօրուան այս մրցումին ցարդ անորոշ է, ան նկատի չէ առնուած մարզիչ Արսեն Վենկերի հիմնական կազմին մէջ:
Երթին երկու կազմերը իրարմէ բաժնուեցան 1-1 հաւասարութեամբ:
Օրուան իրաւարարն է իտալացի Ճիանլուքա Լոքի:
Ինչ կը վերաբերի երկրորդ մրցումին, երթին Մարսէյ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:



