Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» – «Փլէյ-Օֆ». Պաքս Յաղթեց Սելթիքսին` 97-86 Արդիւնքով

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ միայն մէկ հանդիպում, երբ Միլուոքիի մէջ Պաքս հիւրընկալեց Պոսթըն Սելթիքսը: Սելթիքս, որ նախքան այս մրցումը 3-1 արդիւնքով կը գերազանցէր իր մրցակիցը, պէտք ունէր չորրորդ յաղթանակի մը` ապահովելու համար քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Սակայն, Պաքս ինք եղաւ յաղթականը (97-86) եւ արդիւնքը վերածեց 3-2-ի` ի նպաստ Սելթիքսի: Յաղթական կազմին մարզիկներէն...

«Ուեմպլի»-ի Մարզադաշտը Պիտի Վաճառուի

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը որոշեց Լոնտոնի «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտը ծախել: Փաքիստանեան ծագում ունեցող գործարար Շահին Խան ցանկութիւն ունի գնելու այդ հանրածանօթ մարզադաշտը: Ան արդէն իսկ անցեալին գնած է Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող Ֆուլհեմի խումբը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան Ճենսընվիլ ակումբը: Նշուեցաւ, որ այդ դաշտին համար Անգլիոյ ֆետերասիոնը կը պահանջէ կէս միլիառ փաունտ-սթերլինկ: Կ՛ակնկալուի որ այդ մարզադաշտին վաճառքէն ետք երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը...

2018-ի Մոնտիալ. Իպրահիմովիչ Բացակայ` Շուէտի Կազմէն

Ամերիկեան Լոս Անճելըս Կալաքսիին մաս կազմող շուէտացի միջազգային յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալին, որովհետեւ ազգային խումբին մաս կազմելու հրաւէր չէ ստացած: Իպրահիմովիչ իր միջազգային ասպարէզը աւարտած էր յունիս 2016-ին:

Կռփամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Հայաստան Բաւականացաւ 2 Պրոնզ Մետալով

Իտալիոյ մէջ աւարտած Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստան այդքան ալ լաւ արդիւնքներ չկրցաւ ձեռք ձգել եւ բաւականացաւ միայն 2 պրոնզ մետալով: Հակառակ անոր որ Ռաֆայէլ Յակոբեան (56 քկ) եւ Վախթանգ Յարութիւնեան (69 քկ) հասան կիսաւարտական, սակայն պարտուեցան իրենց մրցակիցներէն, տեղեկացուց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Կարէն Աղամալեանի գլխաւորութեամբ, այս ախոյեանութեան հանդէս եկան Հայաստանէն 10 մարզիկներ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Սաժես – ՀՄԸՄ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ – Սաժես. Երրորդ Մրցումը` Ժամը 21:40-ին

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 27 ապրիլի երեկոյեան ժամը 21:40-ին տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ - Սաժես երրորդ հանդիպումը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը: Հետեւաբար նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ ցարդ արձանագրած է երկու յաղթանակ, այսօր երրորդ յաղթանակին կարիքը...

Լիբանանի Աթլեթիզմի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ-ի Մարզիկները Արձանագրեցին Բացառիկ Արդիւնքներ

Լիբանանի Աթլեթիզմի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ-ի Մարզիկները Արձանագրեցին Բացառիկ Արդիւնքներ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան աթլեթի ներկայացուցչական տարիքային խումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կազմակերպած տարիքային ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան 21, 22 եւ 23 ապրիլ 2018-ին, Ժամհուր վարժարանի շրջափակին մէջ: ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբի մարզիկները ներկայացուցին ՀՄԸՄ Պէյրութի ու ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղերը այս մրցաշարքին` աւելի քան 58 երկսեռ մարզիկներով: Ստորեւ կը ներկայացնենք մասնակցող մարզիկներուն անունները. Քարլօ Ահարոնեան,...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. 2018-2019 Տարեշրջանին Գծով Հրապարակուեցան Կարգ Մը Որոշումներ

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին հրապարակեց կարգ մը որոշումներ` 2018-2019 տարեշրջանին գծով: Լիբանանի ֆութպոլի Ա. եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ազդանշանը պիտի տրուի 14 սեպտեմբեր 2018-ին, իսկ Գ. դասակարգին ազդանշանը` 12 հոկտեմբերին: Մարզիկներու փոխանցումներու ժամանակացոյցը հետեւեալն է. 9 յուլիսէն 11 սեպտեմբեր 2018 (ամառնային փոխանցումներ), 24 դեկտեմբեր 2018-էն 22 յունուար 2019 (ձմեռնային փոխանցումներ): Ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ բոլոր ակումբները, որոնք...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն – Դաշտերու Հսկողութեան Յանձնախումբ Հանդիպում

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ էլ Տիպ) յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան պասքեթպոլի դաշտերուն հսկողութիւնը ստանձնած յանձնախումբի անդամներուն հետ: Շարպել Ռըզք նշեց, որ այս յանձնախումբի անդամներուն առաքելութիւնը կը նկատուի բաւական դժուար: Ան շնորհաւորեց այս անդամներուն տարած աշխատանքը, մանաւանդ ի տես երկուշաբթի, 23 ապրիլին, Սաժես - ՀՄԸՄ մրցումին ընթացքին արձանագրուած բաւաան ծանր միջադէպին: Ան նաեւ...

Աթլեթիզմ. Արաբական Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ 2 Մետալի

Իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Ամմանի մէջ (Յորդանան) տեղի ունեցած Արաբական երիտասարդներու աթլեթիզմի ախոյեանութեան Լիբանան տիրացաւ 2 մետալի: 20 տարեկանէն վար այս 18-րդ ախոյեանութեան, Լէա Օպէյտ (19 տարեկան) աղջկանց 100 մեթրի վազքի մրցումին տիրացաւ ոսկի մետալին (12" 51), մինչ տղոց 1500 մեթր վազքի մրցումին Փիթըր Խուրի (18 տարեկան) հանդիսացաւ երրորդ (4' 00" 85):...

Պասքեթպոլ. Դրամատուներու Եւ Ընկերութիւններու Աղջկանց Առաջին Մրցաշարքը Սկսաւ

Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին սկիզբ առաւ դրամատուներու եւ ընկերութիւններու աղջկանց պասքեթպոլի առաջին մրցաշարքը` մասնակցութեամբ հետեւեալ եօթը խումբերուն. Պէյրութի դրամատուն, «Լուպնան Լիլթիժարա» դրամատուն, «Էմ. Թի. Սի.-Թաչ», «Նեսթլէ», «Պլոմ» դրամատուն, «Եու. Էն. Տի. Պի.» եւ «Աուտէ» դրամատուն: Առաջին հանգրուանի մրցումներուն, «Եու. Էն. Տի. Պի.» յաղթեց Թաչի (73-65), «Նեսթլէ»` «Պլոմ»-ի (48-46), իսկ Պէյրութի դրամատունը` «Լուպնան Լիլթիժարա»...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Կիրակի, 29 Ապրիլին` «Սփիտ-Թեսթ»-ի 2-րդ Հանգրուանի Մրցումը

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 29 ապրիլին, «Ար. Փի. Էմ.»-ի վազքուղիին վրայ (Մըթէյն) տեղի կ՛ունենայ 2018 տարուան «Սփիտ-Թեսթ»-ի 2-րդ հանգրուանի մրցումը: Նշուեցաւ, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է շաբաթ, 28 ապրիլ, կէսօրուան ժամը 12:00-ը: Նոյն օրը պիտի յայտարարուին մրցումին մասնակցող բոլոր վարորդներուն անունները: Կիրակի օր «Սփիտ Թեսթ»-ին մեկնարկը պիտի տրուի առաւօտեան ժամը 8:00-ին:

«Էն. Պի. Էյ.» – «Փլէյ-Օֆ». Ցարդ 4 Խումբեր Ապահոված Են Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, փլէյ-օֆի քառորդ աւարտականի իրենց տոմսը ապահոված խումբերուն թիւը բարձրացաւ չորսի, մինչ մնացեալ չորսը կը մնան անորոշ: Հիուսթըն Ռոքեթց յաջողեցաւ 4-1 արդիւնքով գերազանցել Մինեսոթա Վուլվզը, երէկ արձանագրելով իր չորրորդ յաղթանակը` 122-104 արդիւնքով: Լեպրոն Ճէյմս Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ երէկ երեք կէտի տարբերութեամբ յաղթեց Ինտիանա Փէյսըրզին (98-95), այժմ միայն...

Հանրի Միշել Մահացաւ

Ֆրանսական լրատուամիջոցները երէկ հաղորդեցին, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Հանրի Միշել մահացաւ: Ան 71 տարեկան էր: Իբրեւ ֆութպոլիստ, ան 58 անգամ կրած է Ֆրանսայի ազգային խումբին շապիկը: Ան մաս կազմած է նաեւ Նանթի: Ան եղած է նաեւ Քամերունի, Մարոքի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Թունուզի եւ Փղոսկրեայ Ափունքի ազգային խումբերուն մարզիչը:

Նէյմար Որոշեց Մնալ Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

Պրազիլցի միջազգային յառաջապահ Նէյմար որոշեց չլքել իր ակումբը` Փարիզ Սեն Ժերմենը եւ իր ելոյթները շարունակել անոր հետ, նախորդ շաբաթավերջին հաղորդեց միջազգային մամուլը: 26 տարեկան ֆութպոլիստը շուտով պիտի վերադառնայ Ֆրանսա, ուր պիտի շարունակէ իր ապաքինումը:

Հայաստանի 6 Ակումբներ Ստացան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Արտօնագիրներ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ակումբներու արտօնագրման համակարգի արտօնագրման կոմիտէի նիստին ընթացքին քննարկուեցան Ալաշկերտ, Արարատ, Բանանց, Գանձասար- Կապան, Շիրակ եւ Փիւնիկ ակումբներու արտօնագրման չափանիշներուն հետ կապուած հարցերը, որոնցմով անոնք դիմած էին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի արտօնագիր ստանալու համար: Հիմնուելով անոնց վրայ` արտօնագրման կոմիտէն որոշեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի արտօնագիրներ շնորհել թեկնածու 6 ակումբներու: Այդ արտօնագիրները անոնց իրաւունք կու տան մասնակցելու 2018-2019 տարեշրջանին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Սաժեսը Եւ Մեծ Քայլ Մը Առաւ Դէպի Աւարտական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Սաժեսը Եւ Մեծ Քայլ Մը Առաւ Դէպի Աւարտական

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Սաժես - ՀՄԸՄ երկրորդ մրցումը: PROFOTO ՀՄԸՄ, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրած էր, երէկ եւս այլ յաղթանակ մը արձանագրեց եւ մեծ քայլ մը առաւ դէպի աւարտական հանգրուան: Եթէ ուրբաթ, 27 ապրիլին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին վրայ Սաժեսի դէմ ՀՄԸՄ արձանագրէ իր երրորդ...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Ռոժէ Ֆըղալի Տիրացաւ Գարնանային 34-րդ Ռելիի Տիտղոսին

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի գարնանային 34-րդ ռելին, Քեսրուան-Ժիպէյլ շրջանին մէջ` մասնակցութեամբ 24 ինքնաշարժներու: Լուսանկարը տրամադրեցԼԷԱ ԽԱԼԻՖԷ Ռոժէ Ֆըղալի իր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի հետ («Սքոտա Ֆապիա») հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 54' 37" 3 արդիւնք մը: Երկրորդ հանդիսացաւ Ռուտոլֆ Ասմար - Զիատ Շեհապ զոյգը («Սքոտա Ֆապիա»), որ արձանագրեց 55' 03" արդիւնք մը, իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Էտի...

Պէյրութի Միջազգային Մարաթոնի Միութեան. 4350 Կին Վազողներ Մասնակցեցան Աղջկանց Մարաթոնին

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի միջազգային մարաթոնի միութեան, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ աղջկանց մարաթոնը` «Սարատար» դրամատան հովանաւորութեամբ: Լուսանկարները տրամադրեցԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Անիկա տեղի ունեցաւ «Պիել»-ի շրջանին մէջ` մասնակցութեամբ 4350 վազողներու, ինչ որ կը նկատուի այս մարաթոնին մասնակցողներուն մեծագոյն թիւը` անոր սկսումէն ի վեր (2013): Տեղի ունեցան տարբեր տարիքի եւ տարբեր դասակարգերու մրցումներ, որոնց ընթացքին կին վազողները վազեցին տարբեր նպատակներու համար: Աւարտին, Պէյրութի մարաթոնի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անդրանիկ Եւ Հուփս Բարձրացան Ա. Դասակարգ

Լիբանանի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, Անդրանիկ եւ Հուփս, յաջորդաբար յաղթելէ ետք Աթլասի ու Մէյրուպայի եւ ապահովելէ ետք աւարտականի իրենց տոմսերը, բարձրացան Ա. դասակարգ: Կը մնան անոնց միջեւ տեղի ունենալիք աւարտական հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքին լոյսին տակ պիտի յստականայ, թէ ո՛ր խումբը պիտի հանդիսանայ Բ. դասակարգի ախոյեան: Երրորդ տոմսին համար Մէյրուպա-Աթլաս մրցումին յաղթականը փլէյ-օֆ-ի մրցում պիտի կատարէ...

«Չեմփիընզ-Լիկ».  Այսօր Կը Կատարուին Բաւական Զօրաւոր Ճակատումներ

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Լիվըրփուլ – Ա. Էս. Ռոմա. Վաղը` Պայէրն Միւնիխ – Ռէալ Մատրիտ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը կը կատարուին երթի հանդիպումները: Ստորեւ` յայտագիրը (երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԱՅՍՕՐ Լիվըրփուլ - Ա. Էս. Ռոմա ՎԱՂԸ Պայէրն Միւնիխ - Ռէալ Մատրիտ

Page 846 of 1278 1 … 845 846 847 … 1,278

Արխիւներ