Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի յունահռոմէական ըմբշամարտի ախոյեանութեան, երէկ գիշեր Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներ` Արթուր Ալեքսանեան (97 քկ) եւ Մաքսիմ Մանուկեան (82 քկ), իրենց տպաւորիչ ելոյթներուն շնորհիւ հասնելով աւարտականին, հռչակուեցան Եւրոպայի ախոյեաններ:
Աշխարհի եռակի ախոյեան, ողիմպիականի ախոյեան Ալեքսանեան այսպիսով յաջողեցաւ չորրորդ անգամ ըլլալով նուաճել Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը` յաղթելէ ետք իր սերպ մրցակիցին:
Իսկ աշխարհի ախոյեան Մանուկեան աւարտականին յաղթեց իր Պիելոռուս մրցակիցին:
67 քկ դասակարգին մէջ Կարէն Ասլանեան տիրացաւ պրոնզ մետալի:
Նախքան այս մետալին տիրանալը, Ասլանեան յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին: