Նախորդ շաբաթավերջին Միլանոյէն (Իտալիա) Պէյրութ վերադարձաւ Հայկազեան համալսարանի տղոց ֆութսալի խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Եուրօ-Միլանօ-2018-ին միջհամալսարանական ֆութսալի միջազգային մրցաշարքին:
Հայկազեան համալսարանի կազմը հանդիսացաւ ախոյեան` իր կատարած եօթը մրցումներուն ընթացքին մնալով անպարտելի եւ արձանագրելով 6 յաղթանակ ու 1 հաւասարութիւն:
Փարիզի, Լիպիոյ, Չեխիոյ, Պելճիքայի եւ Սպանիոյ կազմերուն դէմ իր կատարած մրցումներէն ետք, Հայկազեան համալսարանի կազմը աւարտականին 4-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակով մը պարտութեան մատնեց նաեւ Մատրիտի համալսարանին կազմը:
Կը շնորհաւորենք Հայկազեան համալսարանին կատարած այս բացառիկ իրագործումը:



