Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 2017-2018 տարեշրջանի ախոյեան հռչակուեցաւ Պարսելոնա, որ նախորդ շաբաթավերջին 35-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Տեփորթիւօ Քորունայի դաշտին վրայ:
Մրցում մը նուազ կատարած Պարսելոնա, իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք ունեցաւ 86 կէտ: Ան 11 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ երկրորդ դիրքը գրաւող իր անմիջական մրցակիցին` Աթլեթիքօ Մատրիտի վրայ, որ միայն երեք մրցում ունի կատարելիք, մինչ Պարսելոնա` չորս:
Այսպիսով, Պարսելոնա յաջողեցաւ այս տարեշրջանին տուպլէ մը իրագործել` նկատի ունենալով, որ ան նախորդ շաբաթ տիրացած էր Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին:
Ասկէ բացի, Պարսելոնայի 30 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսի հանդիսացաւ առաջին ֆութպոլիստը, որ «Լա լիկա»-ի մէջ եօթներորդ տարեշրջանն ըլլալով կը նշանակէ աւելի քան 30 կոլ:
Ան Լա Քորունայի դէմ հանդիսացաւ հեթրիքի հեղինակ: Այս երեք կոլերուն ալ էսիսթը տուաւ անոր խմբակից Լուիս Սուարեզ:
Այսպիսով, Պարսելոնա 25-րդ անգամ ըլլալով կը հանդիսանայ երկրին ախոյեանը: Սակայն մրցանիշը կը պատկանի Ռէալ Մատրիտին (33 անգամ):