Նախորդ շաբաթավերջին Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Ահտ եւ Նըժմէ:
Լիբանանի ախոյեան Ահտ, յաղթելէ ետք Նըժմէին, յաջողեցաւ տուպլէ մը իրագործել:
Ահտ իր այս յաղթանակը արձանագրեց, երբ երկարաձգումէն ետք փենալթիներով` 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը:
Երկու խումբերն ալ 2018-2019 տարեշրջանին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ասիոյ ֆութպոլի մրցաշարքերուն:



