
Երէկ, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Միլանօ մեկնեցաւ Հայկազեան համալսարանի ֆութսալի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Եուրօ-Միլանօ-2018-ի տղոց ֆութսալի մրցաշարքին:
Իտալիոյ մէջ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 18 երկիրներէ 20 համալսարաններու խումբեր: