«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի երկրորդ մրցումին, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, թէեւ Լիվըրփուլ 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ա. Էս. Ռոմայէն, սակայն նկատի ունենալով, որ երթին արձանագրած էր 5-2 արդիւնքով յաղթանակ մը, յաջողեցաւ ապահովել աւարտականի իր տոմսը, ուր կը ճակատի Ռէալ Մատրիտի դէմ, որ մրցաշարքէն դուրս ձգեց Պայէրն Միւնիխը:
Աւարտականի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 26 մայիսին` Քիեւի մէջ (Ուքրանիա):



