Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը տեղի կ՛ունենայ վաղը` չորեքշաբթի, 2 մայիսին, երեկոյեան ժամը 22:00-ին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք):
Այս մրցումին կայացումը յստակացաւ երէկ, երբ Ռիատի 78-74 արդիւնքով յաղթելէ ետք Պէյրութին, յաջողեցաւ 3-1 արդիւնքով գերազանցել իր մրցակիցը եւ ապահովել Լիբանանի Ս. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականին իր տոմսը, որով պիտի մրցի ՀՄԸՄ-ի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են ձրի փոխադրակառքեր, որոնք վաղը փափաքողները պիտի փոխադրեն մրցումին վայրը: Երեկոյեան ժամը 20:00-ին այդ փոխադրակառքերը պիտի ուղղուին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիր` հետեւեալ կեդրոններէն.
Պուրճ Համուտ` «Ուուտըն Պէյքըրի», «Շաղզոյեան» կեդրոն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ, «Թեհլիրեան» ակումբ (Ամանոս), Արագած, Ժիպէյլ, «Աղբալեան- ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր, Զալքա, Ֆանար, Ռաուտա եւ «Սարդարապատ»:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: