ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած մայիս ամսուան ճատրակի միջազգային նոր դասաւորման մէջ հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան մնաց իր նոյն դիրքին վրայ (12-րդ)` իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 2767 կէտ:
Հոկտեմբեր 2015-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով ան առաջին տասնեակէն դուրս կը մնայ:
Առաջին դիրքին վրայ է աշխարհի գործող ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն (2843):