«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր եւ վաղը: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ռէալ Մատրիտ, որ երթին 2-1 արդիւնքով յաղթեց Պայէրն Միւնիխի, այսօր կը հիւրընկալէ Գերմանիոյ ախոյեանը:
Իսկ վաղը Ա. Էս. Ռոմա կը հիւրընկալէ Լիվըրփուլը: Երթին Լիվըրփուլ յաղթեց 5-2 արդիւնքով: