Անթունիէ Պաապտայի ֆութսալի աղջկանց խումբը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած ֆութսալի համալսարաններու միջազգային մրցաշարքին, իր տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ դարձաւ տիտղոսակիր, երբ աւարտականին 1-0 արդիւնքով յաղթեց շուէտական «Էս. Էս. Այ.» խումբին: Լիբանանեան կազմը իր կոլը նշանակեց մրցումին աւարտէն 2 վայրկեան առաջ` շնորհիւ Այա Ժամալէտտինի, որ իր նշանակած եօթը կոլերուն շնորհիւ դարձաւ մրցաշարքին կոլսքորըրը:
Նշենք, որ խումբին մարզիչն է Թոնի Եաագուպ: