Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, վաղը` կիրակի, 29 ապրիլին, ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) տեղի կ՛ունենայ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը:
Տեղի պիտի ունենան 8, 10, 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներ:
Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց զաւակներուն անունները արձանագրել, կապ պէտք է հաստատեն մասնաճիւղի ճատրակի յանձնախումբին պատասխանատուներուն հետ: