Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 36-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Արսենալը, 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Այս մրցումին Արսենալի հետ դաշտ ներկայացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ վերջերս բացակայ էր մրցումներէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
29 տարեկան ֆութպոլիստը իւրայատուկ ցուցանիշի մը հեղինակ դարձաւ` նկատի ունենալով, որ ան եղաւ առաջին ֆութպոլիստը, որ տարեշրջանի մը ընթացքին կոլ կը նշանակէ իր նախկին ակումբին բերդին մէջ:
Ինչպէս ծանօթ է, ան տարեշրջանը սկսաւ Եունայթըտի հետ, մինչ երկրորդ կիսուն միացաւ Արսենալի:
Սակայն պատահեցաւ անսպասելին, եւ Մխիթարեան դարձեալ վնասուածք ստացաւ նոյն այն ծունկէն, ուրկէ ստացած էր նախապէս, երբ 5 ապրիլին Մոսկուայի բանակայիններուն դէմ կը մրցէր Եւրոպայի լիկայի մրցաշարքին ծիրին մէջ:



