Մարզական

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի 8 Անդամներ Հրաժարեցան

Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի 8 անդամներ ներկայացուցած են իրենց հրաժարականները: Այդ 8 անդամներն են` Փիեռ Քախիա, Ռամի Ֆաուազ, Աքրամ Հալապի, Ճորճ Սապունճեան, Էլի Ֆարհաթ, Թոնի Խալիլ, Թամմամ Ժարուտի եւ Սելիմ Ֆաուալ: Ասիկա կը նշանակէ, որ ֆետերասիոնը կը դադրի գործելէ, որովհետեւ անոր անդամներէն կէսէն աւելին հրաժարած է: Կ՛ակնկալուի, որ ֆետերասիոնի նախագահ...

Ճատրակ. Հրակ Ծատուրեան` Առաջին. Րաֆֆի – Իւլիս Սեմերճեան` Երրորդ

Հրակ Ծատուրեան                                                              Րաֆֆի-Իւլիս Սեմերճեան Շաբաթ, 2 յունիս 2018-ին, Ժունիէի «Քոլեժ Սանթրալ» վարժարանին կազմակերպած ճատրակի մրցաշարքի ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի ճատրակի դպրոցէն Հրակ Ծատուրեան տիրացաւ առաջին դիրքին` 10 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն: Իսկ, Րաֆֆի-Իւլիս Սեմերճեան արժանացաւ երրորդ դիրքին` 14 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն: Կը շնորհաւորենք երկու մրցանակակիրները: Վարձքը կատա՛ր` մարզիչին եւ ծնողներուն:

Ճատրակ. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Նորվեկիոյ Սթավանկեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի «Ալթիպոքս  Նորուէյ Չես»-ի գերմրցաշարքի 8-րդ հանգրուանին, երէկ Վիշվանաթան Անանտ պարտուեցաւ Ֆապիանօ Քարուանայէն, մինչ Հիքարու Նաքամուրա յաղթեց Սերկէյ Քարժաքինին: Մնացեալ հանդիպումները աւարտեցան հաւասարութեամբ: Այս հանգրուանին հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, մրցում չունէր կատարելիք, որովհետեւ Տին Լիրեն ազդոսկրի կոտրուածքի պատճառով մրցաշարքէն քաշուեցաւ: Վերջին` 9-րդ հանգրուանին, Արոնեան ճերմակ քարերով կը մրցի Նաքամուրայի դէմ:

Սեն Ժոզեֆ Համալսարանի Ֆութսալի Զոյգ Խումբերը Տիտղոսակիր` Գերմանիոյ Մէջ

Նախանցեալ օր Գերմանիոյ մէջ աւարտեցաւ Համալսարաններու ֆութսալի ախոյեանութիւնը, որ տեղի կ՛ունենար 13-րդ տարին ըլլալով: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 21 երկիրներէ 13 համալսարաններ: Մասնակիցներուն կարգին էին Սեն Ժոզեֆ համալսարանի տղոց եւ աղջկանց խումբերը, որոնք կը ներկայացնէին Լիբանանն ու արաբական աշխարհը: Իրենց ձեռք ձգած բացառիկ արդիւնքներուն եւ տպաւորիչ ելոյթներուն շնորհիւ, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի տղոց եւ աղջկանց խումբերը յաջողեցան հանդիսանալ տիտղոսակիր: Փինկ...

Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնի Նախկին Նախագահ Ռիատ Հատտատ Մահացաւ

Աւելի քան քսանհինգ տարի լիբանանեան մարզաշխարհին մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած Ռիատ Հատտատ երէկ մահացաւ: 1936-ին ծնած Ռիատ Հատտատ, եղած է Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի նախագահ, ինչպէս նաեւ Քահրապա-Զուք ակումբի նախագահ: Ան եղած է նաեւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ (կոմիտէի նախագահ զօր. Սուհէյլ Խուրիի պաշտօնավարման օրերուն), ինչպէս նաեւ Արաբական թենիսի ֆետերասիոնի անդամ: Անոր մահուան առիթով ցաւակցագիրներ...

Թենիս.  Շարափովա Դուրս Մնաց «Ռոլան-Կարոս»-էն

Թենիս. Շարափովա Դուրս Մնաց «Ռոլան-Կարոս»-էն

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Ռոլան-Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ աղջկանց քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, թիւ 1 դասուած ռումանացի Սիմոնա Հալեփ, գերմանացի Անճելիք Քերպըրի (12-րդ) հաշուոյն ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` արձանագրելով 6-7, 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իր կարգին, 3-րդ դասուած սպանացի Կարպին Մուկուրուցա հասաւ կիսաւարտականին` մրցաշարքէն դուրս ձգելով ռուս Մարիա Շարափովան (28-րդ), արձանագրելէ...

Գերմանացի Համակիրը Աշխարհի Ախոյեանութեան Մեկնեցաւ… Թրաքթէօրով

Միջազգային մարզական մամուլը երէկ անդրադարձաւ գերմանացի ֆութպոլի համակիրի մը կատարած իւրայատուկ արարքին: Ան Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալին ներկայ գտնուելու համար դիմած է քիչ մը տարօրինակ քայլի: Ան աշխարհի ախոյեանութեան մեկնած է... իր թրաքթէօրով, որուն կցուած է գարեջուրի տակառի տեսքով փոքր սենեակ մը: 70 տարեկան քաղաքացին Գերմանիայէն արդէն իսկ հասած է Պիելոռուսիա:  

Ըմբշամարտ. Հայրենի Մարզիկները Տիրացան 2 Պրոնզ Մետալի

Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ըմբշամարտի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան: Յունահռոմէական ոճի 55 քկ դասակարգի մրցումներուն պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Նորայր Ախոյեան: Ան 10-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հունգարացի մրցակիցին դէմ: Նոյն յաջողութիւնը կրկնեց նաեւ 63 քկ դասակարգին մէջ հանդէս եկող Սլաւիկ Գալստեան, որ 5-2 արդիւնքով յաղթեց այլ հունգարացիի մը:

Հայկական Ֆութպոլ. Ռաֆայէլ Նազարեան Գլխաւորեց «Արցախ»-ը

Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտին, բարձրագոյն դասակարգի իր տոմսը ապահոված «Արցախ» ֆութպոլի ակումբը ունեցաւ իր նոր գլխաւոր մարզիչը: Արմէն Սանամեանի պաշտօնը վստահուեցաւ 41 տարեկան Ռաֆայէլ Նազարեանին, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նազարեան նախապէս եղած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզական խմբակին մէջ, գլխաւորած է Հայաստանի 21 տարեկանէն վար երիտասարդական հաւաքականը, եղած է Փիւնիկի եւ Բանանցի մարզիչ, իսկ անոր վերջին ակումբը...

«Թելէ-Լիպան» Պիտի Պատկերասփռէ 2018-ի Մոնտիալի Մրցումները… Անվճար

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ 2018-ի մոնտիալի մրցումները ուղղակիօրէն եւ անվճար պիտի պատկերասփռուին «Թելէ-Լիպան»-էն: Ան իր այս յայտարարութիւնը կատարեց հանդիպում ունենալէ ետք վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ հաղորդակցութեան նախարար Ժամալ Ժըրրահ եւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ: Նախարար Ռիաշի յայտնեց, որ Լիբանանի ամբողջ տարածքին 2018-ի մոնտիալի մրցումները հասանելի պիտի ըլլան բոլորին` անխտիր:

Պասքեթպոլ. «Ֆրանսապանք» Տիրացաւ Դրամատուներու Մրցաշարքի Տիտղոսին

Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով, «Ֆրանսապանք»-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը տիրացաւ Կեդրոնական դրամատան կազմակերպած Դրամատուներու պասքեթպոլի մրցաշարքի տիտղոսին, երբ Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած աւարտական մրցումին 69-61 արդիւնքով յաղթեց «Քրետի Լիպանէ»-ին: Այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, մինչ անոր կազմակերպումը յանձն առաւ «Սփորթց Մանիա» ընկերութիւնը: Աւարտական այս մրցումին ներկայ գտնուեցան մեծաթիւ հանդիսատեսներ եւ դրամատուներու համակիրները, որոնք քաջալերելու եկած էին իրենց...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Լիբանանի Լողարշաւի Բաց Ախոյեանութեան Մասնակցեցան 89 Երկսեռ Մարզիկներ

Հսկողութեամբ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» կազմակերպեց Լիբանանի լողարշաւի բաց ախոյեանութիւնը, Ժունիէի ծոցի շրջանին մէջ: 89 երկսեռ մարզիկներ մասնակցեցան 1, 3 եւ 6 քմ լողարշաւի մրցումներուն: Արձանագրուած արդիւնքները ցոյց տուին, որ բացառիկ ելոյթներ ունեցան միջազգային լողորդներ Սիմոն Տուէյհի եւ Կապրիելա Տուէյհի: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը ֆետերասիոնին անդամներուն եւ կազմակերպիչ ակումբի պատասխանատուներուն կողմէ:

Ուրբաթ, 8 Յունիսին. Իւրայատուկ Ցուցահանդէսներու Բացում` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի Մէջ

Ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ նախարարներ Աւետիս Կիտանեանի եւ Ղաթթաս Խուրիի, ուրբաթ, 8 յունիսին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ երկու տարբեր տեսակի իւրայատուկ ցուցահանդէսներու: Առաջինը տեղի պիտի ունենայ ջուրին մէջ, իսկ երկրորդը` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի սրահին մէջ: «Պիլիվ ին Լեպանոն» ընդհանուր խորագիրով երկու ցուցահանդէսները տեղի կ՛ունենան գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ գտնուող ՄԱԿ-ի գրասենեակին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պասել Պաուժի Միացաւ Ռիատիին

Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող, Լիբանանի տղոց ազգային խումբի եւ Պէյրութի նախկին մարզիկ Պասել Պաուժի երէկ պաշտօնապէս միացաւ Ռիատիին: Ան երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր խումբին հետ:  

«Արցախ» Երկկողմանի Համաձայնութեամբ Խզեց Պայմանագրութիւնը Արմէն Սանամեանի Հետ

«Արցախ» ֆութպոլի ակումբը, որ յառաջիկայ տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ, երկկողմանի համաձայնութեամբ մը իր պայմանագրութիւնը խզեց խումբի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Սանամեանի հետ, յայտնեց ակումբի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ակումբին պատասխանատուներն ու անձնակազմը շնորհակալութիւն յայտնեցին Սանամեանին, որ ան բացառիկ արդիւնքներ արձանագրեց խումբին հետ: Առաջին դասակարգի աւարտած ախոյեանութեան, «Արցախ» ապահովելով 65 կէտ, գրաւեց դասաւորման երկրորդ դիրքը` միայն 4 կէտով...

Թենիս. Իտալացի Չեքինաթօ Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Ճոքովիչը

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ իտալացի Մարքօ Չեքինաթօ ստեղծեց մեծագոյն անակնկալը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց սերպ Նովաք Ճոքովիչը (20-րդ), արձանագրելով 6-3, 7-6, 1-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այսպիսով, ան հանդիսացաւ առաջին իտալացին, որ վերջին 40 տարուան ընթացքին կը հասնի կրան շլեմի մրցաշարքի մը կիսաւարտականին: Ճոքովիչ իր արհեստավարժ...

2018-ի Մոնտիալ. Պարսելոնա` Պատմութիւն Կերտող Առաջին Ակումբը

Երկուշաբթի, 4 յունիսին, 2018-ի մոնտիալին մասնակցող բոլոր 32 ազգային խումբերը հրապարակեցին իրենց մարզիկներուն վերջնական ցանկերը, որոնք պիտի մեկնին Ռուսիա: Պարսելոնա աշխարհի ախոյեանութիւններուն գծով մրցանիշ մը հաստատեց` դառնալով պատմութեան մէջ առաջին ակումբը, որուն մարզիկները մաս կը կազմեն մոնտիալին մասնակցող բոլոր խումբերուն: Այդ 32 հաւաքականները բաժնուած են 8 խմբակի, իւրաքանչիւրը` 4-ական խումբ: Պարսելոնա 2018-ի մոնտիալին 13 ներկայացուցիչ ունի:

Չելսի Համաձայնութեան Եկաւ Լորան Պլանի Հետ

Այնպէս կը թուի, որ լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը համաձայնութեան մը եկաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Լորան Պլանի հետ, որպէսզի ստանձնէ ակումբին մարզիչի պաշտօնը: Չելսի չ՛ուզեր, որ իտալացի Անթոնիօ Քոնթէ մնայ իր պաշտօնին վրայ: Կը նշուի, որ Չելսի ցարդ իր յոյսը չէ կտրած եւ կը յուսայ, որ շարունակուող բանակցութիւնները արդիւնք տան, որպէսզի պայմանագրութիւն մը կնքէ...

Կուարտիոլա 2 Մրցումով Կախակայուեցաւ

Մանչեսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ երկու մրցումով կախակայուեցաւ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքին գծով, որ տեղի պիտի ունենայ 2018-2019 տարեշրջանին: 47 տարեկան Կուարտիոլա Լիվըրփուլի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Չեմփիընզ լիկ») իրաւարարին նկատմամբ անարգական վերաբերմունք ունենալուն պատճառով կախակայուեցաւ:  

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Տուգանքի Ենթարկեց Լիվըրփուլը Եւ Աթլեթիքօ Մատրիտը

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ Լիվըրփուլ եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ տուգանքի ենթարկուեցան: Մատրիտեան ակումբը 18 հազար եւրօ տուգանք պիտի վճարէ, Արսենալի դէմ տեղի ունեցած դարձի մրցումին («Եւրոպայի լիկա») վերջինիս կազմակերպման իմաստով թերացում արձանագրելուն պատճառով: Լիվըրփուլ 29 հազար եւրօ պիտի վճարէ` երեք տարբեր մրցումի ընթացքին իր համակիրներուն անկարգապահութեան համար:

Page 832 of 1278 1 … 831 832 833 … 1,278

Արխիւներ