Նորվեկիոյ Սթավանկեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի «Ալթիպոքս Նորուէյ Չես»-ի գերմրցաշարքի 8-րդ հանգրուանին, երէկ Վիշվանաթան Անանտ պարտուեցաւ Ֆապիանօ Քարուանայէն, մինչ Հիքարու Նաքամուրա յաղթեց Սերկէյ Քարժաքինին: Մնացեալ հանդիպումները աւարտեցան հաւասարութեամբ:
Այս հանգրուանին հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, մրցում չունէր կատարելիք, որովհետեւ Տին Լիրեն ազդոսկրի կոտրուածքի պատճառով մրցաշարքէն քաշուեցաւ:
Վերջին` 9-րդ հանգրուանին, Արոնեան ճերմակ քարերով կը մրցի Նաքամուրայի դէմ: