Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի 8 անդամներ ներկայացուցած են իրենց հրաժարականները:
Այդ 8 անդամներն են` Փիեռ Քախիա, Ռամի Ֆաուազ, Աքրամ Հալապի, Ճորճ Սապունճեան, Էլի Ֆարհաթ, Թոնի Խալիլ, Թամմամ Ժարուտի եւ Սելիմ Ֆաուալ:
Ասիկա կը նշանակէ, որ ֆետերասիոնը կը դադրի գործելէ, որովհետեւ անոր անդամներէն կէսէն աւելին հրաժարած է:
Կ՛ակնկալուի, որ ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա եւ ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք հանդիպում մը ունենան` ճշդելու համար նոր ընտրութիւններուն թուականը` առաւելագոյնը մէկ ամիս ետք:



