
Շաբաթ, 2 յունիս 2018-ին, Ժունիէի «Քոլեժ Սանթրալ» վարժարանին կազմակերպած ճատրակի մրցաշարքի ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի ճատրակի դպրոցէն Հրակ Ծատուրեան տիրացաւ առաջին դիրքին` 10 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն:
Իսկ, Րաֆֆի-Իւլիս Սեմերճեան արժանացաւ երրորդ դիրքին` 14 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն:
Կը շնորհաւորենք երկու մրցանակակիրները:
Վարձքը կատա՛ր` մարզիչին եւ ծնողներուն: