Հսկողութեամբ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» կազմակերպեց Լիբանանի լողարշաւի բաց ախոյեանութիւնը, Ժունիէի ծոցի շրջանին մէջ:
89 երկսեռ մարզիկներ մասնակցեցան 1, 3 եւ 6 քմ լողարշաւի մրցումներուն:
Արձանագրուած արդիւնքները ցոյց տուին, որ բացառիկ ելոյթներ ունեցան միջազգային լողորդներ Սիմոն Տուէյհի եւ Կապրիելա Տուէյհի:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը ֆետերասիոնին անդամներուն եւ կազմակերպիչ ակումբի պատասխանատուներուն կողմէ: