Միջազգային մարզական մամուլը երէկ անդրադարձաւ գերմանացի ֆութպոլի համակիրի մը կատարած իւրայատուկ արարքին: Ան Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալին ներկայ գտնուելու համար դիմած է քիչ մը տարօրինակ քայլի:
Ան աշխարհի ախոյեանութեան մեկնած է… իր թրաքթէօրով, որուն կցուած է գարեջուրի տակառի տեսքով փոքր սենեակ մը:
70 տարեկան քաղաքացին Գերմանիայէն արդէն իսկ հասած է Պիելոռուսիա: