Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ 2018-ի մոնտիալի մրցումները ուղղակիօրէն եւ անվճար պիտի պատկերասփռուին «Թելէ-Լիպան»-էն:
Ան իր այս յայտարարութիւնը կատարեց հանդիպում ունենալէ ետք վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ հաղորդակցութեան նախարար Ժամալ Ժըրրահ եւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ:
Նախարար Ռիաշի յայտնեց, որ Լիբանանի ամբողջ տարածքին 2018-ի մոնտիալի մրցումները հասանելի պիտի ըլլան բոլորին` անխտիր: