«Արցախ» ֆութպոլի ակումբը, որ յառաջիկայ տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ, երկկողմանի համաձայնութեամբ մը իր պայմանագրութիւնը խզեց խումբի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Սանամեանի հետ, յայտնեց ակումբի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ակումբին պատասխանատուներն ու անձնակազմը շնորհակալութիւն յայտնեցին Սանամեանին, որ ան բացառիկ արդիւնքներ արձանագրեց խումբին հետ:
Առաջին դասակարգի աւարտած ախոյեանութեան, «Արցախ» ապահովելով 65 կէտ, գրաւեց դասաւորման երկրորդ դիրքը` միայն 4 կէտով ետ մնալով առաջին դիրքը գրաւած Լոռիէն:



