Նախանցեալ օր Գերմանիոյ մէջ աւարտեցաւ Համալսարաններու ֆութսալի ախոյեանութիւնը, որ տեղի կ՛ունենար 13-րդ տարին ըլլալով:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 21 երկիրներէ 13 համալսարաններ:
Մասնակիցներուն կարգին էին Սեն Ժոզեֆ համալսարանի տղոց եւ աղջկանց խումբերը, որոնք կը ներկայացնէին Լիբանանն ու արաբական աշխարհը:
Իրենց ձեռք ձգած բացառիկ արդիւնքներուն եւ տպաւորիչ ելոյթներուն շնորհիւ, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի տղոց եւ աղջկանց խումբերը յաջողեցան հանդիսանալ տիտղոսակիր:
Փինկ փոնկի մրցումներուն Ժոզեֆ Աժամի յաջողեցաւ գոհացուցիչ արդիւնք ձեռք ձգելով տիրանալ պրոնզ մետալին: