Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ իտալացի Մարքօ Չեքինաթօ ստեղծեց մեծագոյն անակնկալը, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց սերպ Նովաք Ճոքովիչը (20-րդ), արձանագրելով 6-3, 7-6, 1-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այսպիսով, ան հանդիսացաւ առաջին իտալացին, որ վերջին 40 տարուան ընթացքին կը հասնի կրան շլեմի մրցաշարքի մը կիսաւարտականին:
Ճոքովիչ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 12 կրան շլեմի տիտղոսներու: