Այնպէս կը թուի, որ լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը համաձայնութեան մը եկաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Լորան Պլանի հետ, որպէսզի ստանձնէ ակումբին մարզիչի պաշտօնը:
Չելսի չ՛ուզեր, որ իտալացի Անթոնիօ Քոնթէ մնայ իր պաշտօնին վրայ:
Կը նշուի, որ Չելսի ցարդ իր յոյսը չէ կտրած եւ կը յուսայ, որ շարունակուող բանակցութիւնները արդիւնք տան, որպէսզի պայմանագրութիւն մը կնքէ Նափոլիէն հեռացած մարզիչ Մաուորիցիօ Սարիի հետ: Սակայն Չելսի Նափոլիին չ՛ուզեր վճարել վերջինիս պահանջած 8 միլիոն եւրոն: