Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ Լիվըրփուլ եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ տուգանքի ենթարկուեցան:
Մատրիտեան ակումբը 18 հազար եւրօ տուգանք պիտի վճարէ, Արսենալի դէմ տեղի ունեցած դարձի մրցումին («Եւրոպայի լիկա») վերջինիս կազմակերպման իմաստով թերացում արձանագրելուն պատճառով:
Լիվըրփուլ 29 հազար եւրօ պիտի վճարէ` երեք տարբեր մրցումի ընթացքին իր համակիրներուն անկարգապահութեան համար: