Ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ նախարարներ Աւետիս Կիտանեանի եւ Ղաթթաս Խուրիի, ուրբաթ, 8 յունիսին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ երկու տարբեր տեսակի իւրայատուկ ցուցահանդէսներու: Առաջինը տեղի պիտի ունենայ ջուրին մէջ, իսկ երկրորդը` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի սրահին մէջ:
«Պիլիվ ին Լեպանոն» ընդհանուր խորագիրով երկու ցուցահանդէսները տեղի կ՛ունենան գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ գտնուող ՄԱԿ-ի գրասենեակին եւ «Օքթոփուս թիմ»-ին հետ:
Սրահին մէջ տեղի ունենալիք այս ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 10 յունիս, մինչ ջուրին մէջի ցուցահանդէսը` մինչեւ ամրան վերջը:
Նշենք, որ ջուրին մէջ պիտի ցուցադրուին 150-է աւելի լուսանկարներ եւ գեղանկարներ:



