Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով, «Ֆրանսապանք»-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը տիրացաւ Կեդրոնական դրամատան կազմակերպած Դրամատուներու պասքեթպոլի մրցաշարքի տիտղոսին, երբ Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած աւարտական մրցումին 69-61 արդիւնքով յաղթեց «Քրետի Լիպանէ»-ին:
Այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, մինչ անոր կազմակերպումը յանձն առաւ «Սփորթց Մանիա» ընկերութիւնը:
Աւարտական այս մրցումին ներկայ գտնուեցան մեծաթիւ հանդիսատեսներ եւ դրամատուներու համակիրները, որոնք քաջալերելու եկած էին իրենց կազմերը:
Լաւագոյն մարզիչի տիտղոսին տիրացաւ Ռըզքալլա Զալհում, լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ Մարք Քուտսի, մինչ լաւագոյն պաշտպանի տիտղոսին տիրացաւ Ռոլան Թապեթ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Յայտնենք, որ յուլիսին «Ֆրանսապանք»-ի կազմը պիտի մեկնի Սերպիա, ուր պիտի մասնակցի Դրամատուներու պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին:



