Մարզական

2018-ի Մոնտիալ. Մարատոնա. «Քոլոմպիա – Անգլիա Մրցումին Տեղի Ունեցաւ Օրինաւոր Կողոպուտ»

Արժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնա անդրադառնալով նախանցեալ օր 2018-ի մոնտիալին գծով տեղի ունեցած 1-16-րդ հանգրուանի Անգլիա - Քոլոմպիա մրցումին, ըսաւ. «Երբ առաջին անգամ հանդիպեցայ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյին, կարծեցի, որ այս կազմակերպութեան մէջ ամէն բան պիտի փոխուի: Բայց Քոլոմպիա - Անգլիա մրցումին ականատես դարձայ օրինաւոր կողոպուտի»: «Ամերիկացի իրաւարարը` Մարք Կայկըր, իմ կարծիքովս, մեծապէս կրնայ օգտակար դառնալ պէյսպոլին, բայց ան...

4 Խումբեր Հետաքրքրուած` Անտրէ Կոմեշով

Այնպէս կը թուի, որ Պարսելոնայի միջնապահ Անտրէ Կոմեշ պիտի հեռանայ քաթալոնական ակումբէն` նկատի ունենալով, որ փորթուգալցի ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են 4 խումբեր, կը յայտնէ «Մունտօ Տեփորթիւօ»: 24 տարեկան Կոմեշով հետաքրքրուած են Թոթենհամ, Վուլվզ, Եուվենթուս եւ Վալենսիա: 2016-ին ան իր կազմը` Վալենսիան լքելով միացաւ Պարսելոնայի, փոխան 37 միլիոն եւրոյի: Վերոնշեալ ակումբներէն բացի, այլ խումբեր կը փորձեն փոխ առնել Կոմեշը եւ ոչ թէ...

Լոյեւ Պիտի Մնայ Գերմանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Հակառակ անոր որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը, 2018-ի մոնտիալին բաւական ձախող արդիւնքներ արձանագրեց, սակայն երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնը որոշեց չխզել իր պայմանագրութիւնը ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւի հետ: Այս լուրին ի տես ան ֆետերասիոնին շնորհակալութեան խօսք ուղղեց` միեւնոյն ժամանակ յայտարարելով, որ պիտի կատարէ բաւական լուրջ փոփոխութիւններ` աւելի լաւ արդիւնքներու հասնելու համար: Լոյեւ Գերմանիոյ մարզիչի պաշտօնը կը վարէ 2006-էն ի վեր:

2018-ի Մոնտիալ. Լուիս Սուարեզ. «Կ՛ուզենք Շարունակել Մեր Ճամբան` Պատմութիւն Կերտելու Համար»

Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պարսելոնայի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ, անդրադառնալով Ֆրանսայի դէմ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալի քառորդ աւարտականի մրցումին ըսաւ. «Շատ հաւանաբար քիչ մը դժուար մրցում մը ունինք կատարելիք, բայց կ՛ուզենք մեր ճամբան շարունակել` պատմութիւն կերտելու համար: Մեր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը ըլլալով` կ՛ուզենք բոլոր ուրուկուէյցիներուն երազը իրականացնել եւ հանդիսանալ աշխարհի ախոյեան»:

Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Կրնայ Պատժել Փարիզ Սեն Ժերմենը

«Սի. Էֆ. Սի. Պի.», որ կը զբաղի եւրոպական ակումբներու նիւթական հսկայական ծախսերուն հսկողութեամբ, կրկին կասկածներ ունի Փարիզ Սեն Ժերմենի շուրջ: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն վերատեսութեան պիտի ենթարկէ ֆրանսական ակումբին ֆեր-փլէյի հարցը: Նշենք, որ նախապէս փարիզեան ակումբը խուսափած էր պատժամիջոցներէն` նկատի ունենալով, որ անիկա կատարած էր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին պահանջները եւ վաճառած 159 միլիոն եւրոյի ֆութպոլիստ:

2018-ի Մոնտիալ. Ռուսիա

2018-ի Մոնտիալ

- Քառորդ Աւարտականին Հասնող Վերջին Երկու Խումբերը Յստակացան - Քոլոմպիա Եւ Զուիցերիա` Վերջին Դուրս Մնացողները - Այսօր Եւ Վաղը` Հանգիստի Օր Երէկ` երեքշաբթի, 3 յուլիսին, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումները հասան իրենց աւարտին, երբ կատարուեցան վերջին երկու ճակատումները: Անգլիա եւ Շուէտ հանդիսացան վերջին երկու խումբերը, որոնք հասան քառորդ աւարտականին, մինչ Քոլոմպիա եւ Զուիցերիա հրաժեշտ տուին մոնտիալին:...

Լիբանանի 41-րդ Միջազգային Ռելի. Ուրբաթ, 6 Յուլիսին Շարք Մը Վարորդներ Պիտի Տան Մամլոյ Ասուլիս

Ինչպէս ծանօթ է, կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, 6-8 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 41-րդ միջազգային ռելին: Լիբանանի այս ռելին, Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանն է: Այս ռելիին մրցանիշը կը պատկանի Ռոժէ Ֆըղալիի, որ անոր ախոյեանի տիտղոսին տիրացած է 13 անգամ (մրցանիշ մը): Արաբական Միացեալ Էմիրութենէն Մոհամետ Պըն Սլայյեմ այդ տիտղոսին տիրացած...

Վաղը` Հինգշաբթի, 5 Յուլիսին. Ֆութպոլի Իւրայատուկ Մրցում Եւ Երգահանդէս` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի Մէջ

Կազմակերպութեամբ «Ուան Լեպանոն» ընկերութեան, վաղը` հինգշաբթի, 5 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի իւրայատուկ մրցում մը: Այս մրցումին պիտի յաջորդէ երգահանդէս մը, երեկոյեան ժամը 20:30-էն սկսեալ, մասնակցութեամբ երգիչներ Թանիա Քասսիսի, Մարք Հաթեմի, Նինա Ապտելմալաքի եւ Ազիզայի: Ֆութպոլի այս իւրայատուկ մրցումին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լիբանանի մէջ գտնուող դեսպանատուներու կողմէ կազմուած խումբ մը:...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Շաբաթավերջին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը գումարեց իր հերթական ժողովը` բացակայութեամբ Ռեմոն Սըմաանի, որ ներկայացուած է իր հրաժարականը: Ֆետերասիոնը մասնակի ֆետերասիոնները հրաւիրեց ընտրելու իրենց ներկայացուցիչները, որոնք պիտի մասնակցին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին համագումարին: Բոլոր ակումբները պարտին իրենց ներկայացուցիչներուն անունները ճշդել ֆետերասիոնին համագումարէն ճիշդ եօթը օր առաջ: Լիբանանի ֆութպոլի 2018-2019 տարեշրջանին ազդանշանը կը տրուի շաբաթ, 1 օգոստոսին, երբ ժամը 17:00-ին, Քամիլ Շամունի անուան մարզական...

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Հաւաքականը Պիտի Մրցի Աւստրիոյ Եւ Անգլիոյ Դէմ

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը Եւրօ-պասքեթպոլի 2021-ի զտումի Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ պիտի մրցի Աւստրիոյ եւ Անգլիոյ դէմ (Բ. խմբակ): Խմբակին առաջին դիրքը գրաւողը կ՛անցնի յաջորդ հանգրուան: Հայրենի կազմը իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 13 սեպտեմբերին` հիւրընկալելով Աւստրիան:

Թենիս. Ուիմպըլտըն

Թենիս. Ուիմպըլտըն

- Տիտղոսակիր Մուկուրուցա Յաղթանակով Սկսաւ Մրցաշարքը - Ուիլիըմզ Քոյրերը` Յաղթական Կարպին Մուկուրուցա Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող թենիսի Ուիմպըլտընի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, տիտղոսակիր Կարպին Մուկուրուցա (Սպանիա), յաղթանակով սկսաւ պաշտպանել իր տիտղոսը, երբ 6-2 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակից անգլիացի Նաոմի Պրոատին, Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ: Ռոժէ Ֆետերեր Մրցաշարքը յաղթանակով սկսաւ նաեւ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր (դասուած`...

2018-ի Մոնտիալ. Քաւանի Ցարդ Չի Մասնակցիր Ընդհանուր Խումբին Կատարած Փորձերուն

Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի, որ Փորթուգալի դէմ տեղի ունեցած 2018-ի մոնտիալի մրցումին կերտեց իր կազմին յաղթանակը (2-1), ցարդ իր խմբակիցներուն կողքին ընդհանուր խումբին հետ փորձերու չի մասնակցիր: Ուրուկուէյի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ անոր ձախ ոտքի սրունքին մկաններէն մէկը վնասուած է: Յառաջիկայ օրերուն ան պիտի մարզուի անհատական ծրագիրով` բժիշկներուն վերահսկողութեան տակ: 6 յուլիսին Ուրուկուէյ քառորդ աւարտականին...

Մարատոնա Պատրաստ Է Անվճար Մարզելու Արժանթինի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

Արժանթինի ֆութպոլի նախկին աստղերէն Տիեկօ Մարատոնա իր ունեցած հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին ըսաւ, թէ մեծ ուրախութեամբ դարձեալ կ՛ուզէ գլխաւորել իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը: «Ես պատրաստ եմ անվճար մարզեու Արժանթինը եւ ոչինչ խնդրելու անոր փոխարէն», ըսաւ Մարատոնա: Ան 2008-էն 2010 եղած է Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչը: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, շատ հաւանական է, որ այս շաբաթ Արժանթինի մարզիչը` Խորխէ Սամփաուլի,...

Ռէալ Մատրիտ Պաշտօնապէս Հերքեց, Որ 310 Միլիոն Եւրօ Առաջարկած Է Նէյմարի Համար

Ռէալ Մատրիտի մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնապէս հերքեց սպանական «Թի. Վի. Է.» պետական պատկերասփիւռի կայանին տարածած այն լուրը, ըստ որուն, արքայական ակումբը Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմարի համար անոր ակումբին` Փարիզ Սեն Ժերմենին առաջարկած է 310 միլիոն եւրօ: Անիկա այս լուրը ամբողջութեամբ սուտ որակեց` աւելցնելով, որ վերոնշեալ կայանը, նախքան իր այդ լուրը հրապարակելը, ոչ մէկ կապ հաստատած է մատրիտեան կազմին հետ:...

2018-ի Մոնտիալ. Ռուսիա

2018-ի Մոնտիալ

- Պելճիքա 2-0 Իր Ուշացումը Վերածեց... 3-2 Արդիւնքով Քիչ Մը Դժուար Յաղթանակի Մը - Պրազիլ - Մեքսիքա` 2-0 - Այսօր` Շուէտ – Զուիցերիա Եւ Քոլոմպիա - Անգլիա Երէկ` երկուշաբթի, 2 յուլիսին, Ճափոն պիտի ստեղծէր 2018-ի մոնտիալին մեծագոյն անակնկալը, եթէ կարենար յաղթանակ մը արձանագրել տիտղոսին գլխաւոր թեկնածու նկատուող կազմերէն Պելճիքայի դէմ: Սակայն պատահեցաւ անսպասելին, եւ Պելճիքա իր 2-0 ուշացումը վերածեց 3-2...

Մութթահետ, Պէյրութ Եւ Հուփս Կը Պահանջեն Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Հրաժարականը

Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող Մութթահետի նախագահ Ահմետ Սաֆատի, Պէյրութի նախագահ Նետիմ Հաքիմ եւ Հուփսի նախագահ Ժասեմ Քանսօ միացեալ ժողով մը գումարելով պահանջեցին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հրաժարականը: Երեք ակումբներու նախագահները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին Լիբանանի Ա. դասակարգի կազմերուն հետ հանդիպում-ժողով մը գումարելու` քննարկելու համար այս հարցը եւ լիբանանեան պասքեթպոլի շահերէն մեկնելով պահանջելու ֆետերասիոնին անմիջական հրաժարականը: Անոնք յայտնեցին իրենց մտահոգութիւնը, թէ...

Հեծելարշաւ. Էլիաս Ապու Ռաշետ Յաջորդաբար Չորրորդ Տարին Ըլլալով Լիբանանի Ախոյեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, կիրակի, 1 յուլիսին տեղի ունեցաւ Լիբանանի լեռնային հանգրուանի հեծելարշաւի ախոյեանութիւնը, Զաարուրէն Պիսքանթա, որ ծովու մակերեսէն 2000 մեթր բարձր է: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ֆետերասիոնին անդամ ակումբներու 37 հեծելանւորդներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան բանակէն եւ ներքին ապահովութեան ուժերէն մասնակցողներ: Տեղի ունեցան, 105 քմ-ի (երիտասարդներ) եւ 145 քմ-ի (մեծեր) մասնակիցներ: Ֆետերասիոնին պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով «Թայմինկ իմըճ»...

1500 Երկսեռ Վազողներ Մասնակցեցան Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն Կազմակերպած Կէս-Մարաթոնին

Հովանաւորութեամբ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի, կիրակի, 1 յուլիսին տեղի ունեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ կազմակերպուած կէս-մարաթոնի վազքի մրցումը (21.1 քմ)` մասնակցութեամբ 1500 երկսեռ վազողներու: Անիկա տեղի կ՛ունենար 11-րդ տարին ըլլալով: «Ձեռք-ձեռքի` ապահովութիւնը կ՛ամրապնդուի» խորագիրը կրող այս կէս-մարաթոնը տեղի ունեցաւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին եւ ուղղակիօրէն պատկերասփռուեցաւ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն: Անիկա սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը...

Մոթորսայքլինկ. Տեղի Ունեցաւ «390-Քափ»-ի Ա. Հանգրուանի Մրցումը

Կազմակերպութեամբ «Էյ. Էն.-Ապու Խաթեր» ընկերութեան, նախորդ շաբաթավերջին «Փիթ Սթոփ» վազքուղիին վրայ (Զուք Մոսպեհ) տեղի ունեցաւ Մոթորսայքլինկի «390-Քափ»-ի Ա. հանգրուանի մրցումը` նուիրուած Ժան Ազարի յիշատակին: Անիկա տեղի ունեցաւ գործակցաբար «Թոթալ»-ի եւ «Քոմըրշըլ-Ինշուրընս»-ի: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 14 մասնակցողներ, որոնք այս մրցումին մասնակցեցան մարզական բարձր ոգիով: Անիկա տեղի ունեցաւ երկու բաժինով` սկսնակներ եւ փորձառուներ: Մրցումին տիրապետեցին «Քէյ. Թի. Էմ.»-ի մասնակցողները: Աւարտին տեղի...

«Ակումբին Մէջ Նիւթականի Որեւէ Հարց Գոյութիւն Չունի» Յայտարարեց Նըժմէ

Նըժմէ ֆութպոլի ակումբը յայտարարեց, որ նիւթականի որեւէ հարց գոյութիւն չունի իրենց մօտ եւ ակումբին մաս կազմող բոլոր մարզիկներն ալ ստացած են իրենց նիւթական հատուցումները: Նշուեցաւ, որ Նըժմէն այն ակումբներէն է, որ իր մարզիկներուն բոլորին ալ աշխատավարձերը կու տայ ամբողջ տարուան ընթացքին: Ակումբի ընդհանուր քարտուղար Սաատէտտին Իթանի յայտարարեց, որ ակումբը իր լուրջ պատրաստութիւնները կը տեսնէ ամէն գնով լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու...

Page 822 of 1278 1 … 821 822 823 … 1,278

Արխիւներ