Ռէալ Մատրիտի մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնապէս հերքեց սպանական «Թի. Վի. Է.» պետական պատկերասփիւռի կայանին տարածած այն լուրը, ըստ որուն, արքայական ակումբը Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Նէյմարի համար անոր ակումբին` Փարիզ Սեն Ժերմենին առաջարկած է 310 միլիոն եւրօ:
Անիկա այս լուրը ամբողջութեամբ սուտ որակեց` աւելցնելով, որ վերոնշեալ կայանը, նախքան իր այդ լուրը հրապարակելը, ոչ մէկ կապ հաստատած է մատրիտեան կազմին հետ:
Նէյմար 2017-ին Պարսելոնայէն տեղափոխուեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմեն` փոխան 222 միլիոն եւրոյի: