Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը Եւրօ-պասքեթպոլի 2021-ի զտումի Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ պիտի մրցի Աւստրիոյ եւ Անգլիոյ դէմ (Բ. խմբակ):
Խմբակին առաջին դիրքը գրաւողը կ՛անցնի յաջորդ հանգրուան:
Հայրենի կազմը իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 13 սեպտեմբերին` հիւրընկալելով Աւստրիան:



