Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի, որ Փորթուգալի դէմ տեղի ունեցած 2018-ի մոնտիալի մրցումին կերտեց իր կազմին յաղթանակը (2-1), ցարդ իր խմբակիցներուն կողքին ընդհանուր խումբին հետ փորձերու չի մասնակցիր:
Ուրուկուէյի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ անոր ձախ ոտքի սրունքին մկաններէն մէկը վնասուած է:
Յառաջիկայ օրերուն ան պիտի մարզուի անհատական ծրագիրով` բժիշկներուն վերահսկողութեան տակ:
6 յուլիսին Ուրուկուէյ քառորդ աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ Ֆրանսան:



